«Ո՜վ Մեծասքանչ դու լեզու»...Այսպէս կը սկսի Հայ երաժշտութեան անմահացած երգերէն մէկը որ կը շեշտէ թէ որքան սքանչելի լեզու մըն է Հայերէնը:
«Ո՜վ Մեծասքանչ դու լեզու»...Այսպէս կը սկսի Հայ երաժշտութեան անմահացած երգերէն մէկը որ կը շեշտէ թէ որքան սքանչելի լեզու մըն է Հայերէնը:
Իսկապէս անվիճելի է իր գեղեցկութիւնը և հարստութիւնը: Այսպէս կը խորհիմ ո՛չ թէ ազգայնամոլութեան պատճառաւ, այլ այդ պատճառաւ որ անբացատրելի կապ մը հաստատուած է իմ և մայրենի լեզուիս միջեւ դեռ առաջին օրէն: Որովհետեւ Հայերէնը իմ մայրենի լեզուս է: Մօրմէս, հօրմէս, մեծմօրմէս, մեծհօրմէս և բոլոր միւս ազգականներէս միշտ Հայերէն լսած եմ: Հետեւաբար պզտիկ տարիքէս սկսեալ ես ալ վարժուած եմ Հայերէն խօսելու, ինձ համար միշտ բնական եղած է Հայերէն լեզուով արտայայտուիլը: Բայց ներկայիս դժբախտաբար տուներու մէջ Հայերէնի տեղ անցած են այլ լեզուներ: Իսկ Հայերէնը երկրորդական լեզու ըլլալէ անգամ հեռու է: Հետեւաբար տղաքը իրենց մայրենին առանց ճանչնալու կը սկսին դպրոց: Ցաւալին այն է որ Հայերէնը կատարեալ գործածողներն անգամ կը նախընտրեն ուրիշ լեզուներով արտայայտուիլ: Մինչդեռ ինչ դժուարութիւններով և զոհողութիւններով տիրացած ենք մեր լեզուին: Մեր պապերը բազմաթիւ անգամներ պատերազմած են որպէսզի հաւանական կորուստէ մը ազատեն զայն: Այդքան դժուարութիւններէ յետոյ մեծ ապերախտութիւն կը սեպեմ այսօրուան վիճակը: Յառաջիկային Հայերէնը համայնագիտարաններո՞ւ մէջ պիտի յիշուի միայն: Եթէ շարունակենք անտեսել մեր լեզուին մէջը գտնուած վտանգը, դժբախտաբար անխուսաբելի պիտի ըլլայ լեզուի կորուստը:
Շատ ուրախ եմ որ միշտ Հայերէն խօսող և անոր արժէք տուող ընտանիքի մը զաւակը ըլլալու բախտը ինծի շնորհուած է: Բնականաբար ես ալ մայրենի լեզուիս կարեւորութեանը գիտակցութեամբ ամէն առիթով զբաղած եմ զանազան գործունէութիւններով (գիրքի թարգմանութիւն, Հայ երգչախմբի մասնակցութիւն, Հայերէնի դասաւանդութիւն ևլն.): Որքան ալ յուսահատութեան մատնուիմ, որքան ալ շատ մը Հայերու անտարբեր դիրքը պատճառ կ'ըլլայ յոռետեսութեան, ես և գաղափարակիցներս յամառութեամբ կը շարունակենք պայքարիլ այս վտանգին դէմ՝ Հայերէն խօսելով, կարդալով և ուրիշներուն ալ սորվեցնելով: Որովհետեւ ժողովրդի մը գոյատեւման ամենակարեւոր ազդակներէն մէկն է իր լեզուն:
* Türkçesi için tıklayın.
* Click for English

BAĞIMSIZ İLETİŞİM AĞIBağımsız İletişim Ağı (BİA) IPS İletişim Vakfı'nın çalışmalarının merkezinde yer alıyor. BİA, “bağımsız medya”nın güçlendirilmesi hedefiyle, 1997'den bu yana dört temel etkinlik alanı üzerinde gerçekleştirilen bir sürekli proje. Türkiye’de ve dünyada daha çok internet haber sitemiz bianet.org dolayısıyla yaygın olarak bilinse de, BİA günlük haber üretiminin ötesinde, iletişim sürecinin bütün uğraklarını dönüştürmeyi hedefliyor.

IPS İLETİŞİM VAKFIIPS İletişim Vakfı “İletişim ve kalkınma alanındaki projeleri gerçekleştirmek ve desteklemek” amacıyla 1993'te kuruldu. Vakıf etkinliklerini, yerel ve uluslararası kaynaklardan sağladığı hibe ve bağışlarla gerçekleştirdiği projeler üzerinden sürdürüyor.

BİA KİTAPLIĞIBİA Kitaplığı, Bağımsız İletişim Ağı’nın 2001-2009 arasında sürdürdüğü eğitim çalışmalarının ürünü olan “Habercinin Elkitabı“ dizisinden 5, “Hak Haberciliği” disizinden 4 kitabı; gazeteciler için kılavuzların yanısıra mesleğe adım atmaya hazırlananlara yönelik yayınları da kapsıyor. Kitaplık, Türkçe iletişim yazınında uluslararsı standartlarda üretilmiş, kimileri kendi alanlarında ilk olan öncü telif çalışmalardan oluşuyor.
BİZE ULAŞIN